Ֆրանչիսկոս Պապը` թուիթի մը միջոցաւ Իրաքցիներուն վերահաստատեց իր մօտիկութիւնը։
''Ամէն օր կ՛աղօթեմ բոլոր անոնց որ կը տառապին Իրաքի մէջ. Աղօթեցէք ինծի համար'' գրած
է Ֆրանչիսկոս Պապը, Ուրբաթ 5 սեպտեմբերին հրատարակած թուիթին մէջ որուն կից հրատարակած
է նաեւ երկու գաղթական մանուկներու պատկերը։